Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին յառաջապահ՝ Էդկար Մանուչարեան, այսօր պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
19 յունուար 1987ին Երեւանի մէջ ծնած Մանուչարեան, որ 18 տարի ելոյթ ունեցած է ֆութպոլի կանաչ դաշտերուն վրայ, 15 տարեկանէն սկսած է հանդէս գալ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականին հետ:
Ան մաս կազմած է շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին՝ Այաքս Ամսթերտամ, Ալաշկերտ, Ուրալ, Փիւնիկ եւայլն: