Իտալական Ֆութպոլ. 2020-2021 Տարեշրջանը Պիտի Սկսի 19 Սեպտեմբերին
Իր լուրը քաղելով Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն, իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանը պիտի սկսի յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենան Ա. հանգրուանին գծով շարք մը մրցումներ:
Ախոյեանութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի 23 մայիս 2021-ին:
Ինչպէս ծանօթ է, որ բոլոր երկիրներու ախոյեանութիւններուն նման, Իտալիոյ ընդմիջուած ախոյեանութիւնը վերսկսաւ նախորդ 20 յունիսին եւ աւարտեցաւ՝ 2 օգոստոսին:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական