Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող՝ Դաւիթ Մանոյեան, նախորդ շաբաթավերջին միացաւ Արարատ-Երեւանի, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոր վերջին ակումբը եղած էր Շիրակ Գիւմրին: Ան մաս կազմած է նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ ելութ ունեցող երկու այլ կազմերու ալ՝ Ալաշկերտի եւ Նոայի:
Տարբեր տարիներու ընթացքին, ան մասնակցած է նաեւ՝ Կիպրոսի, Լեհաստանի եւ Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններուն:
Նշենք, որ Մանոյեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին շապիկը կրած է՝ 26 անգամ: