Հայկական Ֆութպոլ. 2020-2021 Տարեշրջանը Կը Սկսի Ալաշկերտ-Արարատ Արմենիա Բացման Մրցումով
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 14 օգոստոսին ազդանշանը կը տրուի Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին: Անոր հետ միասին պիտի սկսի նաեւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւնն ալ:
Ֆետերասիոնը նշեց նաեւ, որ հրապարակուած յայտագիրը կրնայ ըլլալ, որ փոփոխութեան ենթարկուի, նայած, թէ «Քորոնա» ժահրը ինչ զարգացում պիտի ունենայ:
Նշենք, որ բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին՝ Ալաշկերտ եւ Արարատ Արմենիա:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական