Երէկ՝ կիրակի, 2 օգոստոսին իր աւարտին հասաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանը («Քալչիո»-ն), երբ տեղի ունեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Իր կատարած վերջին մրցումին Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ երկու հանգրուան առաջ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուսին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Արձանագրուած այս յաղթանակին իր մասնակցութիւնը չբերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ:
Ա. Էս. Ռոմա, որ տարեշրջանը աւարտեց 70 կէտով եւ գրաւեց 5-րդ դիրքը, յառաջիկայ տարեշրջանին Ա. Սէ. Միլանի եւ Նափոլիի հետ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Եւրոպայի Լիկա»-յի բաժակի մրցաշարքին:
Իսկ առաջին չորս դիրքերը գրաւող կազմերը՝ Եուվենթուս, Ինթեր Միլան, Աթալանթա եւ Լացիօ Ռոմա, պիտի մասնակցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքին:
Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգ փոխադրուած երեք խումբերուն, այդ կազմերը եղան՝ Լեչէ, Պրեշիա եւ ՍՓԱԼ: