Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, ազգային հաւաքականին մարզաշապիկներ նուիրեց հայ վիրաւոր զինուորներուն, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անոնց ուղղած իր նամակին մէջ Մխիթարեան ըսաւ. «Կը խոնարհիմ ձեր խիզախ կեցուածքին դիմաց: Շնորհակալ եմ, որ անսասան կանգնած էք եւ քաջաբար կը պաշտպանէք Հայաստանի սահմանները՝ ազերիական ոտնձգութիւններուն դէմ»:
Մխիթարեան խոստացաւ, որ երբ Հայաստան գտնուի, ամէն գնով պիտի այցելէ անոնց եւ պիտի ստորագրէ այդ մարզաշապիկներուն վրայ: