Տրոկպա Կ՛ուզէ Դառնալ Իր Երկրին Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը
Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին նախկին յառաջապահ՝ Տիտիէ Տրոկպա, շատ հաւանաբար նշանակուի Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ:
Ապիճանի մէջ իր ունեցած մէկ ելոյթին ընթացքին, այս գծով յայտնեց 42 տարեկան անցեալի անուանի ֆութպոլիստը:
«Գաղտնիք չէ այն երբ ըսեմ, որ Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլը իր լաւ օրերուն մէջ չէ: Ֆութպոլը հասանելի է բոլորին համար, բայց անիկա պէտք է գտնուի իր լաւ օրերուն մէջ եւ չնահանջէ: Կը պատրաստուիմ առաջադրել իմ թեկնածութիւնս յառաջիկային տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն եւ լուծել բոլոր տեսակի խնդիրները», ըսաւ Տրոկպա:
Նշենք, որ նախապէս ան նշանակուած էր Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահի տեղակալ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական