Երէկ՝ կիրակի, 26 յուլիսին, աւարտեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2019-2020 տարեշրջանը, երբ կատարուեցան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Ժամանակէն առաջ ախոյեանութեան տիտղոսը ապահոված Լիվըրփուլ, տարեշրջանը աւարտեց 99 կէտով, երբ արձանագրեց տարեշրջանի իր 32-րդ յաղթանակը, 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւքասըլի դաշտէն:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ ախոյեանութեան իր տիտղոսը ստացաւ նախորդ հանգրուանին, երբ կատարեց տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, իր սեփական դաշտին՝ «Էնֆիլտ»-ի մէջ:
Անոր հետ միասին, յառաջիկայ տարեշրջանի «Չեմփինզ Լիկ»-ի մրցաշարքին իրենց տոմսերը ապահովեցին նաեւ՝ Մանչեսթըր Սիթի (2-րդ, 81 կէտ), Մանչեսթըր Եունայթըտ (3-րդ, 66 կէտ) եւ Չելսի (4-րդ, 66 կէտ):
Իսկ վերջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը՝ Պուրնըմաութ, Ուաթֆորտ եւ Նորուիչ Սիթի փոխադրուեցան Ա. դասակարգ: