Հայաստանը ներկայացնող աթլեթները յաջող մասնակցութիւն ունեցան պալքանեան երկիրներու երիտասարդական ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին, այս գծով յայտնեցին հայկական մարզական լրատու գործակալութիւնները:
Ռազմիկ Ղազարեան, երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, արձանագրելով 15 մ 55 սմ արդիւնք մը, գրաւեց երկրորդ դիրքը: Իր կարգին, արծաթէ մետալի տիրացաւ Գոռ Բեգլարեան, որ արձանագրեց՝ 7 մ 15 սմ արդիւնք մը:
Նշենք, որ յառաջիկայ 19-20 սեպտեմբերին, ռումանական Քլուժ-Նափոքա քաղաքին մէջ պիտի կատարուի պալքանեան երկիրներու մեծերու ախոյեանութիւնը: Հայաստանէն անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 12 աթլեթներ, որոնց պիտի ընկերակցին երեք մարզիչներ: