Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Տիգրան Բարսեղեան ճանչցուեցաւ Ասթանայի ամսուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս գծով յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբին կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան մացնակցած համակիրները, ամէնէն աւելի շատ քուէարկեցին ի նպաստ՝ Բարսեղեանի, որ ստացաւ ձայներուն 33.68 տոկոսը:
Բարսեղեան Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան Թարազի դէմ տեղի ունեցած մրցումին դարձած էր կոլի փոխանցման հեղինակ, իսկ Օքժեթփեսի դէմ կատարուած ճակատումին, ի նպաստ իր կազմին ապահոված էր փենալթի մը: