Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին անդամ՝ Արշակ Կորեանի կազմը Խիմքի, հիւրը եղաւ Եքաթերինպուրկի Ուրալին:
Անոր կազմը, որ ցարդ չէ յաջողած յաղթանակ արձանագրել, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը (երեք հաւասարութեան կողքին), 3-1 արդիւնքով: Կորեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 52-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին միակ կոլը:
Նշենք, որ Ուրալի կազմէն դաշտ չներկայացաւ Հայաստանի հաւաքականին մէկ այլ մարզիկը՝ Վարազդատ Հարոյեան:
Այս հանգրուանէն ետք, Ուրալ 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը, մինչ Խիմքի 15-րդ եւ նախավերջին դիրքը՝ 3 կէտով:
Պարագլուխի դիրքը 15 կէտով կը գրաւէ՝ Սոչի: