Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, դարձեալ կոլի հեղինակ դարձաւ իր ակումբին՝ Ա. Էս. Ռոմայի հետ իր կատարած մրցումին ընթացքին:
Պատրաստուելու համար Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին, անոր կազմը ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ իտալական այլ կազմի մը՝ Քալիարիի հետ եւ անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 61-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը:
Նշենք, որ նոր տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի յառաջիկայ 19 սեպտեմբերին:
Ա. Էս. Ռոմա իր առաջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Հելաս Վերոնայի: