Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, ինչպէս նաեւ նախանցեալ քանի մը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Նախորդ 10 սեպտեմբերին, տարեշրջանի իր առաջին մրցումը կատարած եւ Լանսի դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմեն, երէկ գիշեր կրեց նոյն արդիւնքով այլ պարտութիւն մը, այս անգամ իր դաշտին վրայ, իր հիւրէն՝ Մարսէյէն: Հիւր կազմը իր կոլը նշանակեց՝ 31-րդ վայրկեանին:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (97-րդ), երկու կազմերուն մարզիկներուն միջեւ տեղի ունեցաւ քիչ մը հրմշտուք, որուն պատճառով օրուան իրաւարարը հինգ անգամ գործածեց իր կարմիր քարտ-ը (երեքը՝ Սեն Ժերմենի խաղացողներուն դէմ): Այդ կարմիր քարտ-երէն ճաշակեց նաեւ մայրաքաղաքի կազմին պրազիլցի յառաջապահը՝ Նէյմար:
Այսպիսով, Մարսէյ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, մինչ Սեն Ժերմեն՝ երկուքին ալ պարտուած: