Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին թեկնածու՝ Արազ Օզպիլիս, Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ շինած է խաղադաշտ մը, այն գծով յայտնեց նոյնինքն ֆութպոլիստը անձամբ, իր «Instagram»-ի էջին մէջ հրապարակելով քանի մը լուսանկարներ:
Աւանի մէջ գտնուող այս խաղադաշտը շինուած է ամբողջութեամբ անոր միջոցներով:
«Այս օրը մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար, որովհետեւ այդ մէկին միջոցով, յաջողեցայ երեխաներուն դէմքերուն վրայ ժպիտ պարգեւել: Այս ֆութպոլի խաղադաշտը մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար եւ իսկապէս հպարտ եմ անոր բացումով», ըսաւ Օզպիլիս: