Նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ Փրեմիեր-Լիկ»-ին 2020-2021 տարերջանին, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը՝ Լիվըրփուլ, յաղթանակով սկսաւ տարեշրջանը, երբ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին՝ Լիծ Եունայթըտի դէմ:
Եգիպտացի միջազգային յառաջապահ՝ Մոհամետ Սալահ, իրագործեց տարեշրջանի առաջին հեթրիք-ը, իր կազմին՝ Լիվըրփուլի հետ: Ան իր առաջին եւ երրորդ կոլը նշանակեց՝ փենալթի-ով (4-րդ, 33-րդ եւ 88-րդ): Անոր խմբակից՝ Վըրճըլ Վան Տիյք նշանակեց չորրորդ կոլը (20րդ):
Տպաւորիչ յաղթանակով մը նոր տարեշրջանը սկսաւ նաեւ՝ Արսենալ, որ Ֆուլհեմի դաշտին վրայ արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անգլիոյ գերբաժակակիրին երրորդ կոլը նշանակեց՝ Փիեր-Էմերիք Օպամեյանկ (57րդ):
Մանչեսթըր քաղաքի երկու կազմերը՝ Եունայթըտ եւ Սիթի, շաբաթավերջին մրցում չկատարեցին (յաջորդաբար՝ Պըրնլիի եւ Ասթոն Վիլայի դէմ), նկատի ունենալով որ անոնք եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցած ըլլալու համար, մինչեւ յառաջիկայ 15 սեպտեմբեր արձակուրդի մէջ են:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, մրցումները կը կատարուին՝ առանց հանդիսատեսներու: