«Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ կրան-փրի-ն («Մուկելօ» վազքուղի):
Անիկա աւարտեցաւ Մերսետես-ի անգլիացի վարորդ՝ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով, որ արձանագրեց՝ 2:19:35:060 արդիւնք մը:Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց, անոր խմբակից՝ ֆինլանտացի Վալթերի Պոթթաս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ռետ-Պուլ-ի անգլիացի վարորդ Ալեքսանտր Ալպոն: Այս վերջինը, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը բարձրանար փոտիում:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հեմիլթըն իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 190 կէտ: Անոր ետին, ընդհանուր դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ է՝ Պոթթաս (135 կէտ), մինչ երրորդ դիրքը կը գրաւէ, Ռետ-Պուլ-ի նիտըրլենտցի վարորդ՝ Մաքս Վերսթափեն (110 կէտ):
Յաջորդ կրան-փրի-ն տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա):