Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Ռէալ Մատրիտ, մարզիկներու փոխանցման ժամանակամիջոցին, պատրաստ է ծախել՝ Կերըթ Պէյլին, այս գծով յայտնեց «Mundo Deportivo»-ն։
Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող ֆութպոլիստին այս փոխանցումէն, արքայական ակումբը կ’ակնկալէ՝ 20 միլիոն եւրօ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստով շատ մօտէն հետաքրքրուած է՝ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Պէյլի պայմանագրութիւնը՝ Ռէալ մատրիտի հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2022:
Նախորդ տարեշրջանին, ան 20 մրցումի ընթացքին նշանակեց երեք կոլ եւ կատարեց՝ երկու էսիսթ: