Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան «Champions Showdown Chess 9LX» առցանց մրցաշարքին գրաւեց երրորդ դիրքը:
Երէկ տեղի ունեցան 7-9-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Արոնեան, արձանագրեց երկու հաւասարութիւն, յաջորդաբար՝ Մակնուս Քարլսընի եւ Կերի Գասպարովի հետ, իսկ վերջինին, պարտութիւն մը կրեց Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւէն:
Առաւելագոյն 9 կէտէն, Արոնեան ապահովելով 5,5 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը: 1-2-րդ դիրքերը բաժնեցին՝ Քարլսըն եւ Հիքարու Նաքամուրա:
Այս առցանց մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէր՝ 150 հազար ամերիկեան տոլար: