Պայէրն Միւնիխի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ՝ Թիակօ Ալքանթարա, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Լիվըրփուլի հետ, այս գծով տեղեկացուց՝ «Daily Mail»-ը:
Երկու կազմերը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են անոր տեղափոխութեան գծով եւ անոր փոխանցման համար, Լիվըրփուլ գերմանական կազմին պիտի վճարէ՝ 30 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ան 2013-ին, քաթալոնիական Պարսելոնայէն միացաւ Պայէրն Միւնիխի:



