Երէկ՝ հինգշաբթի, Արարատ-Արմենիա, որ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Լուքսամպուրկի ներկայացուցիչ՝ Ֆոլա-Էսչ խումբին, ապահովեց Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին Գ. հանգրուանին իր տոմսը:
Հայաստանի ախոյեանը, Բ. հանգրուանի այս մրցումին մեկնարկը տրուելէն սկսեալ, յստակ առաւելութիւն մը ունէր իր մրցակիցին վրայ:
Շնորհիւ՝ Ճէյսըն Մարթինեզի նշանակած կոլին (17-րդ վայրկեանին), հայրենի կազմը յառաջացաւ 1-0 արդիւնքով: Երկու վայրկեան ետք սակայն, հիւր կազմը հաւասարեցուց արդիւնքը: Ա. կիսախաղին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, հայկական կազմէն Ալեքս Ժունիոր կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Բ. կիսախաղին հիւր կազմը թէեւ նշանակեց երկու կոլ (մէկը փենալթի-ով), սակայն Արարատ-Արմենիա իր կարգին նշանակելով երկու կոլ (երկուքն ալ փենալթի-ով), շնորհիւ՝ Մէյլսոն Լիմայի (90-րդ եւ 92-րդ), հաւասարեցուց արդիւնքը:
Նկատի ունենալով որ մրցումները երթուդարձի դրութեամբ չեն կատարուիր, այլ՝ մէկ մրցումով, դիմուեցաւ երկարաձգման:
Նշենք, որ նախքան երկարաձգումը, հիւր կազմին մէկ մարզիկը եւս կարմիր քարտ մը ստացաւ՝ 90-րդ վայրկեանին:
Երկարձգման 113-րդ վայրկեանին, Սերկէյ Վաքուլենքօ նշանակեց հայկական կազմին յաղթանակի կոլը, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած մրցումին: