Ռուսական «ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան համաձայն, ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան կայացման թուականը չփոխուեցաւ:
Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին գործադիր կոմիտէին նիստին ընթացքին, որոշուեցաւ աշխարհի մեծերու ախոյեանութիւնը կայացնել ճշդուած թուականին, սակայն մեծ հաւանականութիւն կայ, որ աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութիւնը կրնայ ջնջուիլ:
Նշենք, որ ըստ նախնական որոշումին, աշխարհի ախոյեանութիւնը պիտի կատարուի 12-20 դեկտեմբերին, Սերպիոյ մայրաքաղաք՝ Պելկրատի մէջ: