Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին նոր ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ժոաննա Ռամմալի եւ ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող տասը ակումբներէ ութին ներկայացուցիչներուն:
Իր խօսքին մէջ, ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան ըսաւ, որ բոլոր ֆետերասիոններուն նման, հեծելարշաւի ֆետերասիոնին համար եւս 2020 տարին եղաւ դժուար եւ գրեթէ մարզական իրադարձութիւններէ զուրկ տարի մը, բնականաբար` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Ասկէ մեկնելով`շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ` Ժան Համմամին և բոլոր մարմնակրթութեան նախարարներուն։
Ապա տեղի ունեցան նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Մրցակից ցանկի չգոյութեան պատճառով, թեկնածու ներկայացած եօթը անձերն ալ ընտրուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ:
Ապա տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով.
Վաչէ Ծատուրեան` նախագահ, Քայսար Սալլում` փոխնախագահ, Արտա Զէյթունլեան` ընդհանուր քարտուղար, Լութֆիկ Կոտալազեան` գանձապահ, Նազարէթ Հապիպեան` հաշուապահ, Ռաֆիք Իտ եւ Անճելա Փաթափութեան` խորհրդականներ:
Նշենք, որ այս տարի եւս ՀՄԸՄ ունի երեք ներկայացուցիչներ, իսկ առաջին անգամ ըլլալով ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներ կը ստանձնեն Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահի եւ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնները:
Կը շնորհաւորենք Լիբանանի հեծելարշաւի նոր ֆետերասիոնին կազմը: