Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշները յաջող մասնակցութիւն ունեցած են Պիելոռուսիոյ միջազգային մրցաշարքին: Անոնք տիրացած են 12 գունաւոր մետալներու, հետեւեալ ձեւով. Երկու ոսկի, հինգ արծաթ եւ հինգ պրոնզ:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկարատեւ դադարէ մը ետք, հայ ըմբիշները առաջին անգամ ըլլալով է որ կը մասնակցէին միջազգային մրցաշարքի մը:



