Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան նոր մարզադպրոց:
Երեւանի քաղաքապետին մամլոյ խօսնակ՝ Յակոբ Կարապետեան յայտնեց, որ ծրագիր կար մարզադաշտը վերանորոգել, սակայն կատարուած ուսումնասիրութիւններէն ետք ի յայտ եկաւ, որ նորոգութիւնը անկարելի է: Հետեւաբար, այս մէկէն մեկնելով, որոշուեցաւ նոր շէնքի կառուցումը:
Նշուեցաւ, որ նոր շէնքը կրնայ կառուցուիլ Հրազդան մարզադաշտին մօտակայքը, ուր համայնքը ազատ տարածութիւն ունի:
Երեւանի քաղաքապետութիւնը, շուտով նոր շէնքին նախագիծին գծով մրցոյթ պիտի յայտարարէ: