Անգլիական «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող չորս ֆութպոլիստներու վրայ կատարուած «Քորոնա» ժահրի քննութիւնները տուած են դրական պատասխան, այս գծով յայտնեց «Sky Sport»-ը:
«Փրեմիեր-Լիկ»-ի ղեկավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ չեն նշուած ո’չ ֆութպոլիստներուն եւ ո’չ ալ անոնց մաս կազմած ակումբներուն անունները:
Նշուեցաւ, որ աւելի քան երկու հազար ֆութպոլիստներուն (տարբեր դասակարգերու մէջ) վրայ կատարուած քննութիւններէն միայն չորսը տուած են դրական պատասխան: Անոնք այժմ ինքնամեկուսացումի մէջ են:
Եւրոպական այլ երկիրներու ախոյեանութիւններուն նման, «Փրեմիեր-Լիկ»-ի մրցումները եւս կը կատարուին առանց հանդիսատեսներու: