Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց ըսելով, որ «ՖԻՖԱ»-էն արտօնութիւն ստացած է, որպէսզի յառաջիկայ 18 սեպտեմբերէն սկսեալ արտօնել համակիրներուն մարզադաշտ մուտքը, «VBET» Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի («Փրեմիեր-Լիկ»), Ա. դասակարգի ախոյեանութիւններուն եւ «VBET» Հայաստանի բաժակի մրցաշարքին մրցումներուն ընթացքին:
Վերոնշեալ երեքին պարագային ալ, իւրաքանչիւր ակումբի պիտի արտօնուի միայն 75 հանդիսատես (ընդամէնը՝ 150 անձ):
Սակայն իւրաքանչիւր ակումբ, իր համակիրներուն պիտի պարտադրէ որպէսզի անոնք իրարու միջեւ ճշդուած հեռաւորութիւնները պահեն, ինչպէս նաեւ մրցումին ամբողջ տեւողութեան ընթացքին դիմակ կրեն: