Քաթալոնիական Պարսելոնայի արժանթինցի միջազգային յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսի, շատ հաւանական է, որ բացակայի «Լա-Լիկա»-յի այս տարեշրջանի առաջին երեք հանգրուանի մրցումներէն, այս գծով յայտնեց «Mundo Deportivo»-ն:
Մեսսի հրաւիրուեցաւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբ, իր մասնակցութիւնը բերելու համար Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:
«ՖԻՖԱ»-ին նոր օրէնքներուն համաձայն, «Քորոնա» ժահրին պատճառով, ազգային խումբին միացող ֆութպոլիստները, երկու շաբաթ առաջ պէտք է որ մեկնին հայրենիք:
Եթէ Մեսսի ընդունի Արժանթինի ազգային խումբէն իրեն եկած հրաւէրը, ապա ան պիտի բացակայի առնուազն առաջին երեք հանգրուանի մրցումներէն:
Նշենք, որ թէեւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին մեկնարկը տրուած է, բայց կարգ մը խումբեր, որոնց կարգին՝ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ, Ա. հանգրուանին գծով մրցում չեն կատարած: