Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ՝ Քիլիան Մպափէ յառաջիկայ տարեշրջանին շատ հաւանաբար կրէ Անգլիոյ ախոյեան՝ Լիվըրփուլի շապիկը, այս գծով յայտնեց «Mundo Deportivo»:
Նշուեցաւ, որ Մպափէ իր ակումբին ղեկավարութեան յայտնած է, որ 2021-ին որոշած է հեռանալ փարիզեան ակումբէն: Եթէ պատահի, որ ֆրանսացին համաձայն չգտնուի իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել, Լիվըրփուլ անմիջապէս պիտի լծուի աշխատանքի:
Մարզական այլ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Մպափէով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ՝ Ռէալ Մատրիտ:
Ոչպաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, անոր Ռէալ Մատրիտ տեղափոխութիւնը աւելի հաւանական կը թուի ըլլալ :