Հսկողութեամբ եւ գլխաւորութեամբ՝ սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոսի, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը շարունակէ նախապատրաստուիլ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարելիք յաջորդ երկու մրցումներուն:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Գ. դասակարգին Բ. խմբակին, յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին կը մրցի Վրաստանի դէմ, իսկ 14 հոկտեմբերին՝ Էսթոնիոյ դէմ:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստան 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն, մինչ երկրորդին 2-0 արդիւնքով յաղթեց Էսթոնիոյ:
Այժմ Հայաստան ունի 3 կէտ, Մակեդոնիա եւ Վրաստան՝ 4-ական կէտ, մինչ Էսթոնիա ցարդ չէ կրցած որեւէ կէտ ապահովել: