Հայաստանի ֆութպոլին ազգային հաւաքականին յետսապահ՝ Վարազդատ Հարոյեան, երէկ ունեցաւ իր նոր ակումբը:
Հարոյեան, որ նախորդ 22 սեպտեմբերին, երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց Ուրալի հետ, ազատ գործակալի կարգավիճակով միացաւ Ռուսիոյ «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մէջ հանդէս եկող Թամփովի:
Իր նոր կազմին հետ, ան պիտի կրէ թիւ 18 մարզաշապիկը:
Նշենք, որ 2017-ին Ուրալի միացած Հարոյեան, իր կազմին հետ կատարեց 62 մրցում, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց՝ 2 էսիսթ:



