«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի չորրորդ մրցումը, որ երրորդին նման տեղի ունեցաւ Մայեմի Հիթի դաշտին վրայ, աւարտեցաւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի յաղթանակով, 102-96 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն՝ Լեպրոն Ճէյմզ նշանակեց 28 կէտ, մինչ Հիթէն, Ճիմի Պաթլըր՝ 22 կէտ:
Առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած Լէյքըրզ, այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցին:
Նշենք, որ 5-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, 6-րդը Մայեմիի մէջ, իսկ վերջինը՝ Լոս Անճելըսի մէջ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ պիտի հանդիսանայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան: