Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան անյաջող ձեւով մը սկսաւ «Norway Chess» ճատրակի միջազգային առցանց միջազգային մրցաշարքը:
Հայրենի կրանտմասթըր-ին առաջին մրցակիցը եղաւ աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած առաջին՝ դասական մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ անոր յաջորդած արագ մրցումը (Արմակետոն), աւարտեցաւ Արոնեանի պարտութեամբ:
Յաջորդ մրցումին եւս Արոնեանի մրցակիցը եղաւ նորվեկիացի մը՝ Արյան Թարին: Արոնեան յաջողեցաւ յաղթել իր մրցակիցին:
Նշենք, որ երէկ, Լեւոն Արոնեանի ծննդեան 38-րդ տարեդարձն էր: