Հայկական մարզական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ ռումանացի ֆութպոլի համակիրները, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին աջակցող պաստառներ զետեղած են, Պուքրեշի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ դիմաց:
Անոնք կը պահանջեն, որ անմիջապէս դադրին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ սանձազերծուած գործողութիւնները՝ Արցախի դէմ:
Նշենք, որ առաջին անգամ չէ, որ անոնք կը զօրակցին հայ ժողովուրդին:
2016-ին տեղի ունեցած Հայաստան-Ռումանիա մրցումին (2018-ի Մոնտիալի զտում), անոնք իրենց հետ Երեւան բերած էին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգող պաստառ: