Նորվեկիական Սթավանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Altibox Norway Chess» ճատրակի մրցաշարքին 4-րդ հանգրուանին, հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով պարտուեցաւ իրանցի Ալիրեզա Ֆիրուճայէն:
Անոնց միջեւ դասական մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ, մինչ «Արմակետոն»ին Արոնեան 56-րդ շարժումին պարտութիւն կրեց:
Նշենք, որ 5-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցն է, ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա: