Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետ՝ Սերճիօ Ռամոս, Փորթուգալի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին (0-0), իր երկրին հետ նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
82-րդ վայրկեանին, Էրիք Կարսիայի փոխարէն դաշտ ներկայացած Ռէալ Մատրիտի յետսապահը, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ իր կատարած մրցումներուն ընթացքին իր դաշտ ներկայացած վայրկեանները հասցուց՝ 13,340-ի:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Ռէալ Մատրիտի նախկին բերդապահ՝ Իքեր Քասիասին (13,336):
Այս մրցանիշը հաստատելու համար, Ռամոսէն պահանջուեցաւ՝ 173 մրցում: Իսկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած 39 տարեկան Քասիաս այդ մէկը կատարեց՝ 167 մրցումի ընթացքին:
Մրցումէն ետք, Ռամոս լուսանկարուեցաւ Ռէալի իր նախկին խմբակիցներուն՝ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Փեփէի հետ: