Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան-Վրաստան մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Խրուաթիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն է՝ Իվան Պիպեք:
Նշենք, որ այս մրցումը կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայաստանի մէջ տիրող քիչ մը անապահով կացութեան պատճառով, այս մրցումը Երեւանէն տեղափոխուեցաւ Լեհաստան՝«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-յին որոշումով: