Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին նախատեսուած Հայաստան-Վրաստան մրցումը, որ կ’իյնայ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, պտի չկատարուի երեւանի մէջ: Անիկա տեղափոխուեցաւ՝ Լեհաստան:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտնեց ըսելով, որ հակառակ անոր որ Հայաստանի կառավարութիւնը երաշխիքներ տուաւ մրցումը կայացնելու համար Երեւանի մէջ, սակայն տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը պատճառ դարձաւ, որ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը համաձայն չգտնուի այդ մէկին եւ վտանգէ հիւր կազմին մարզիկներուն կեանքին ապահովութիւնը:
Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց համակիրներու: