Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան:
Սկզբունքով, անիկա տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 9-13 հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան): Հայաստան արդէն իսկ չէր ուզած մեկնիլ Պաքու:
Եւրոպայի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնը, երէկ իր գումարած նիստին ընթացքին, անոր նոր վայր ճշդեց Թուրքիոյ Մերսին քաղաքը:
Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, միջազգային բարձրագոյն կարգի իրաւարար՝ Յակոբ Սերոբեան, այժմ իր մարզիկները պիտի պատրաստէ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիս: