Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին 2020-2021 տարեշրջանին, զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ուրբաթ, Բ. խմբակին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ապնաա Շեքքայի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 20:00-ին:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի խմբակին մէջ են նաեւ՝ Սալամ Սալիմա եւ Անտաքաթ: