Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումները:
Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին, որ տեղի ունեցաւ Էվըրթընի դաշտին՝ «Կուտիսըն-Փարք»-ի մէջ, աւարտեցաւ՝ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Սատիօ Մանէ (3-րդ) եւ Մոհամետ Սալահ (72-րդ) նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը:
Անոնց խմբակից՝ Ճորտըն Հենտըրսընի նշանակած կոլը (92-րդ), չեղեալ համարուեցաւ, երբ դիտուեցաւ «ՎԱՐ» համակարգին դրութիւնը օգտագործուող կրկնութիւնը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրը եղաւ Նիւքասըլին, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն՝ Պրունօ Ֆերնանտեզ նշանակեց կոլ մը, փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել, ինչպէս նաեւ անոր նշանակած մէկ կոլը չեղեալ համարուեցաւ («ՎԱՐ»-ի կողմէ):
Մանչեսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթեց Արսենալին, մինչ Չելսի-Սաութհեմբթըն մրցումը աւարտեցաւ 3-3 հաւասարութեամբ: