Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան՝ Եուվենթուսի բաժնետէրերուն տարեկան համագումարին ընթացքին, ներկայացուեցաւ 2019-2020 տարեշրջանին տնտեսական հաշուետուութիւնը, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նախորդ տարեշրջանին, ակումբը կրած է 89,7 միլիոն եւրո-յի վնաս մը:
2018-2019 տարեշրջանինԵուվենթուսի վնասն էր՝ 39,9 միլիոն եւրօ:
Եուվենթուս թէեւ նախորդ տարեշրջանին հանդիսացաւ Իտալիոյ ախոյեան, սակայն չկրցաւ տիրանալ երկրին բաժակի մրցաշարքին տիտղոսին, աւարտականին պարտուելով Նափոլիէն: