Նորվեկիոյ Սթավանկեր քաղաքին մէջ կը շարունակուի «Altibox Norway Chess» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը:
Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ 9-րդ հանգրուանին մրցեցաւ նորվեկիացի Արիան Թարիի դէմ, դասական մրցումին անոր հետ արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Իսկ «Արմակետոն»-ի մրցումին, Արոնեան որ կը մրցէր սեւ քարերով, 34-րդ շարժումին արձանագրեց իր յաղթանակը:
9-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն՝ 19,5 կէտով:
Արոնեան, որ 14,5 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, 10-րդ հանգրուանին պիտի մրցի նոյնինքն Քարլսընի դէմ: