Երէկ գիշեր, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք՝ Թալիննի մէջ տեղի ունեցաւ Էսթոնիա-Հայաստան մրցումը, որ կ’իյնայ «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպլոլի զտումի մրցաշարքին, Գ. դասակարգի, Բ. խմբակի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
«Ա Լէօ Քոք Արենա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս հանդիպումին առաջին կէսը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
8-րդ վայրկեանին, ղազախական Քայրաթի մաս կազմող յետսապահ՝ Կամօ Յովհաննիսեան բացաւ մրցումին հաշիւը: Նշենք, որ ան իր առաջին կոլը կընշանակէր հաւաքականին հետ:
Հիւրընկալ կազմին պատասխանը սակայն եղաւ քիչ մը արագ՝ 14րդ վայրկեանին:
42-րդ վայրկեանին վիրաւոր Արտակ Գրիգորեանին փոխարինեց Արարատ Երեւանի միջնապահ՝ Սոլոմոն Ուտօ, որ իր նորամուտը նշեց հաւաքականին հետ:
Բ կիսախաղին, թէեւ երկու կազմերը փորձեցին կոլ նշանակել, սակայն արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ անոնք իրարու հետ արձանագրեցին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Դսաւորման պատկերը մնաց անփոփոխ, նկատի ունենալով, որ նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած միւս մրցումը՝ Մակեդոնիոյ եւ Վրաստանի միջեւ, իր կարգին աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: