Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ իրենց դաշտերէն դուրս յաղթանակ արձանագրեցին:
Երկրին գործող ախոյեանը՝ Պայէրն, որ հիւրը եղաւ Արմինիա Պիլըֆելտին, արձանագրեց՝ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Թոմաս Միւլըր եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի նշանակեցին երկուքական կոլ, մինչ անոնց խմբակից՝ Քորենթէն Թոլիսսօ, 76-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իսկ Տորթմունտ իր յաղթանակը արձանագրեց Հոֆընհայմի դաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով:
Մարքօ Ռէօս նշանակեց Տորթմունտի եւ մրցումին միակ կոլը (76-րդ):
Անոնք երկուքը այժմ ունին 9-ական կէտ, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Լայփցիկ, որ ունի 10 կէտ:
Պայէրն եւ Տորթմունտ կրած են մէկական պարտութիւն կրած են, մինչ Լայփցիկ ցարդ անպարտելի է: