«UFC»-ի մէջ հանդէս եկող ամերիկահայ մարտիկ՝ Էդմէն Շահբազեան, անդրադառնալով Արցախի դէմ թուրք-ազրպէյճանական յարձակումներուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Արհեստավարժ ասպարէզիս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին, հայ ժողովուրդը միշտ աջակցած է ինծի, իմ կատարած բոլոր մարտերուս ընթացքին: Այժմ ժամանակը հասած է, նոյնը ընել հայ ժողովուրդին համար: Տարբեր ձեւերով կրնանք մեր օգտակարութիւնը ունենալ հայ զինուորին, նունիսկ նուիրատուութիւններ կատարելով՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին»: