Թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, պիտի արժանանայ Սպանիոյ բարձրագոյն պետական պարգեւներէն մէկուն՝ թագաւորական շքանշանին:
Սպանական «AS» օրաթերթը յայտնեց, որ Նատալի թագաւորական շքանշանը տալու որոշումը ընդունուեցաւ երէկ, Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ:
«Նատալ ոչ թէ միայն մարզիկ է, որ բարձր կը պահէ իր երկրին եւ հայրենիքին պատիւը, այլ նաեւ օրինակ կը հանդիսանայ երիտասարդներուն», այս գծով յայտնեց Սպանիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, 34 տարեկան Նատալ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, 13-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց ախոյեանութեան՝ «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսին: