Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Արազ Օզպիլիս, իր ժամանակը տրամադրելով Արցախէն ժամանած երեխաներուն հետ, անոնց հետ փորձեր կատարելով:
30 տարեկան ֆութպոլիստը, ապա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ.
«Այսօր ունեցայ հաճելի հնարաւորութիւնը, հիանալի փորձեր կատարելով Արցախէն ժամանած մեր սիրելի փոքրերուն հետ: Այդ երեխաներուն դէմքին ժպիտ տեսնելու համար, մենք ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայենք, անոնց այդ մէկը վերադարձնելու համար»:
Նշենք, որ վերջերս, Երեւան քաղաքի Աւան շրջանին մէջ, Օզպիլիս կառուցեց ֆութպոլի մարզադաշտ մը: