Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-յի 6-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը՝ Ռէալ Մատրիտ, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը, իր հիւրէն՝ Քատիզէն, 1-0 արդիւնքով: Այս վերջինը նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր Բ. դասակարգին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց՝ Անթոնի Լոզանօ (16-րդ):
Իր կարգին տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը կրեց Պարսելոնա՝ նոյն արդիւնքով, Կեթաֆէի դաշտին վրայ:
Խեմէ Մաթթա նշանակեց մրցումին միակ կոլը (56-րդ՝ փենալթի-ով):
Նշենք, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, Ռէալ Մատրիտ 5 մրցումէ ապահոված է 10 կէտ, իսկ Պարսելոնա 4 մրցումէ՝ 7 կէտ: