Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լէօ Քանոյ» ճաշարանին մէջ (Հոլիտէյ Պիչ), Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ նախաձեռնեց յատուկ հանդիպումի մը` իր եւ լիբանանցի մարզական լրագրողներու միջեւ:
Հանդիպումին մասնակիցներուն կարգին էին նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի մարզական խմբագիրը եւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Սայեղ:
Քննարկուեցան այս մարզը յուզող բազմաթիւ հարցեր:
Ֆետերասիոնին նախագահը յոյս յայտնեց, որ 12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Լիբանանի թենիսի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն դարձեալ կը յաջողի մնալ իր պաշտօնին վրայ եւ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին կը շարունակէ նախորդ չորս տարիներու իր ժրաջան եւ տքնաջան աշխատանքը` ի սպաս Լիբանանի մէջ թենիսի մարզաձեւի յառաջընթացին: