Շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապիի տան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ներկայ եղան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Հուսամ Զպիպօ, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Սալիպա, ինչպէս նաեւ շարք մը ակումբներու նախագահներն ու ներկայացուցիչները:
Ժողովականներուն արծարծած գլխաւոր նիւթերը եղան այս մարզաձեւը յուզող հարցերը:
Անոնք քննարկեցին նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Անոնք իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցին ֆետերասիոնի նախագահ Հալապիին եւ անոր կազմելիք ցանկին` յառաջիկային տեղի ունենալիք ֆետերասիոնի նոր ընտրութիւններուն գծով:
Մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ աւելի ընդլայնուած հանդիպում-ժողով մը` մասնակցութեամբ թիւով աւելի շատ ակումբներու ներկայացուցիչներու: